image

Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի տարեկան ճաշկերոյթ (Լուսանկարներ)

Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի տարեկան ճաշկերոյթ (Լուսանկարներ)

Օրերս, տեղի ունեցած է Արեւելեան Ամերիկայի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի տարեկան ճաշկերոյթը, որու ընթացքին շնորհուած են գնահատագրեր եւ պարգեւներ։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու կը դառնայ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ուրբաթ, 17 Մայիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի տարեկան ճաշկերոյթը The Henry հիւրանոցին մէջ (Տիրպորն, Միշիկըն):

Ի շարս այլ գնահատագրերու, փաստաբան Ճէք Մարտոյեան արժանացաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Տարուան Մարդ» պարգեւին՝ իր բազմամեայ գործունէութեան համար, իսկ ԱՄՆ ծերակուտական Կէրի Փիթըրզ (Միշիկըն)՝ «Հայաստանի ոգի» պարգեւին՝ իր հայանպաստ գործունէութեան համար: