image

Արցախը պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ. Արթուր Դաւթեան

Արցախը պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ. Արթուր Դաւթեան

Արցախը եւ արցախիցները երբեք պիտի չըլլան Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Այս մասին, 21 յուլիսին, ի պաշտպանութիւն Արցախի կազմակերպուած արշաւի ժամանակ, լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է նախկին Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը։

«Ես այստեղ եմ որպէս ՀՀ քաղաքացի աջակցելու Արցախի հերոսական ժողովրդին, որոնք աւելի քան 7 ամիս պայքարում են շրջափակման մէջ։ Ուզում եմ՝ Հայաստանից ակնյայտ օգնութիւն լինի Արցախի մեր քոյրերին եւ եղբայրներին, որ իրենք հասկանան՝ մենակ չեն, իրենց հետ ենք եւ պաշտպանում ենք իրենց բոլոր պահանջները որպէս մէկ ազգի ներկայացուցիչ»,- նշած է ան։

Նախկին գլխաւոր դատախազի կարծիքով՝ հիմա ոչ թէ պէտք է մեղաւորներ փնտռել, իրար քննադատել, այլ միաւորուիլ եւ իրավիճակէն ելք գտնել։

«Այսօր պէտք է մեր համազգային յստակ դիրքորոշումը յայտնենք․ առաջին՝ Արցախի եւ Հայաստանում ապրող ժողովուրդները մէկ ազգ են, երկրորդ՝ Արցախը, Արցախի ժողովուրդը երբեք չեն լինելու Ադրբեջանի կազմում։ Մենք երեք տարի ազգովի փնտռում ենք մեղաւորների, սեւեր եւ սպիտակներ, բայց դա մեր խնդիրը լուծե՞լ է»,-ըսած է Արթուր Դաւթեանը։

Արթուր Դաւթեանի խօսքով՝ ստեղծուած իրավիճակին մէջ կայ նաեւ ռուսական կողմի մեղաւորութիւնը, որովհետեւ անոնք չեն պահպանած 9 նոյեմբերի համաձայնագրի կէտերը։

Հարցին, թէ պաշտօնավարման տարիներուն ըրա՞ծ է իրմէ կախուածը իրավիճակը կանխելու համար, Դաւթեանը պատասխանած է․ «Որպէս դատախազ արել եմ ամէնը, որ օբյեկտիւ լինեն իրաւական գործընթացները»։

«Միաժամանակ մենք մեր երախտիքը չենք կարող չունենալ ռուս խաղաղապահին, որ մեր արցախցիներն ապրում են անվտանգ։ Եւ որքան որ այսօր բարձր լինի մեր ձայնը, այնքան մենք կը տեսնենք մեր ռազմավարական գործընկերոջ գործողութիւնները»,-ըսած է Դաւթեանը։