Արցախի մէջ բնակչութեան աջակցութեան միտուած հոգեբանական ծրագիր պիտի մեկնարկէ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
Ծրագիրը պիտի իրականացուի «Բժիշկներ առանց սահմաններու» միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան հետ կնքուած համագործակցութեան յուշագրի շրջածիրէն ներս։
«Արցախցիները նմանատիպ հարցերով կարող են դիմել Telegram ալիքի եւ 23-23 թէժ գծի (գործելու է անվճար) միջոցով։ Թէժ գծի շնորհիւ քաղաքացին հնարաւորութիւն կ'ունենայ օգտուելու հոգեբանական աջակցութիւնից եւ անհրաժեշտութեան դէպքում քաղաքացուն կ'ուղղորդեն Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան հոգեբանների կամ Երեւանում գործող «Բժիշկներ առանց սահմաններու» հոգեբանի մօտ»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ հոգեբանական աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի խմբային նիստերու եւ իրազեկուածութեան բարձրացման նիստերու միջոցով, որ պիտի վարեն «Բժիշկներ առանց սահմաններու» հոգեկրթողները եւ հոգեբանը։