image

Արցախի մէջ նոր սահմանափակումներ

Արցախի մէջ նոր սահմանափակումներ

Արցախի Հանրապետութեան պետական հաստատութիւնները 19 յունուարէն պիտի անցնին յատուկ աշխատանքային ռեժիմի: Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանէն դէպի Արցախ կազամատակարարման եւ ուժանիւթի մատակարարման խափանման հետեւանքով հանրապետութիւնը յայտնուած է ուժանիւթային ճգնաժամի մէջ:

Այս մասին յայտնած են Արցախի օպերատիւ շտաբէն։

«Ստեղծուած իրավիճակում կենսական նշանակութեան օբյեկտների անխափան գործունէութիւնը եւ բնակչութեան նուազագոյն էներգետիկ կարիքները հնարաւորինս երկարաժամկէտ կտրուածքով ապահովելու համար՝ յունուարի 19-ից պետական հաստատութիւններ կ'այցելեն միայն այն աշխատակիցները, որոնց աշխատանքը պահանջում է գտնուել աշխատավայրում:  Հնարաւորութեան դէպքում կը կատարուեն նաեւ որոշակի խտացումներ՝ ելեկտրաէներգիան առաւելագոյնս ռացիոնալ օգտագործելու նպատակով: Միւս աշխատակիցներն իրենց աշխատանքային պարտականութիւնները կը կատարեն հեռավար եղանակով»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Տեղեկացնենք, որ 9 յունուարէն ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքէն անջատուած էր Հայաստանէն դէպի Արցախ ուժանիւթի սնուցումը: Ատրպէյճանական կողմը հնարաւորութիւն չի տար մասնագէտներուն մօտենալ եւ հասկնալ պատճառները՝ անհրաժեշտութեան պարագային վթարավերականգնողական աշխատանքներ իրականացնելու համար: 17 Յունուարէն Ատրպէյճանն անջատած է նաեւ Հայաստանէն դէպի Արցախ կազամատակարարումը: Ձմռան պայմաններուն Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը փաստացի զրկուած է ուժանիւթի եւ կազի մատակարարումէն: