image

Էտկար Ղազարեանի եւ անոր կնոջ գումարային հաշիւներուն վրայ սահմանափակումներ

Էտկար Ղազարեանի եւ անոր կնոջ գումարային հաշիւներուն վրայ սահմանափակումներ

Պարզուած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի միջնորդութեամբ արգելանք դրուած է ոչ միայն իմ, այլեւ կնոջս դրամատնային հաշիւներուն վրայ։ Այս մասին գրած է «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտկար Ղազարեան։

«Նիկոլ Փաշինեանը որոշել է խափանել մեր բազմազաւակ ընտանիքի կենսագործունեութիւնը, հնարաւորութիւն չտալով մեզ վճարել բնակարանի կոմունալ վարձերը, երեխաների ուսման վարձերը, առողջապահական եւ հանրային ծառայութիւնները, ձեռք բերել սնունդ երեխաների համար»,-գրած է ան։

Աւելի վաղ ան յայտնած էր, որ Նիկոլ Փաշինեանի միջնորդութեամբ դատարանը արգելանք դրած է իր դրամատնային հաշիւներուն վրայ, որ անմիջապէս ի կատար ածուած է Հարկադիր կատարումն ապահովող ծառայութեան կողմէ։

«Իմ բազմազաւակ ընտանիքը զրկուած է սեփական միջոցները տնօրինելու իրաւունքից՝ քաղաքական մրցապայքարին չդիմացող մի խղճուկ իշմարատու թոյլիկի պատճառով»,- նշած էր ան։