Յուլիս 5-ին Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն 15 բուժառու ուղեկցողներու հետ միասին, «Կարմիր խաչ»ի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն՝ նախատեսուած է նաեւ «Կարմիր խաչ»ի միջազգային կոմիտէի մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 17 բուժառուներ՝ ուղեկցողներու հետ միասին, որոնք ժամանակին պետական պատուէրի շրջածիրէն ներս ուղեգրուած են ՀՀ բուժում ստանալու համար։
«Արեւիկ» բուժմիաւորումէն ներս բուժում կը ստանայ 28 երեխայ, որոնցմէ 4-ը կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունք:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ բուժում կը ստանայ 96 հիւանդ, 7 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: