Այսօր՝ 3 յուլիսին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն 15 բուժառու ուղեկցողներու հետ միասին, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն:
Նախատեսուած է օրուան ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 8 բուժառու՝ ուղեկցողներու հետ միասին, որոնք ժամանակին պետական պատուէրի շրջածիրէն ներս ուղեգրուած են ՀՀ բուժում ստանալու համար։
«Արեւիկ» բուժմիաւորումէն ներս բուժում կը ստանայ 26 երեխայ, 2-ը կը գտնուին նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ բուժում կը ստանայ 81 հիւանդ, 10 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 6-ը՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։