ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ Կապանի օրուան առթիւ ներկայացուցչական թռիչքով Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն մեկնած է Կապան: Տեղեկութիւնը յայտնած է կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
««Սիւնիք» օդանաւակայանում Յարութիւնեանին եւ Գրիգորեանին դիմաւորել են Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք: Բարձրաստիճան պաշտօնեաները շրջել են «Սիւնիք» օդանաւակայանում եւ ծանօթացել ստեղծուած պայմաններին»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը պիտի մասնակցին Կապանի օրուան առիթով տեղի ունեցող տօնական միջոցառումներուն:
Նշենք, որ այսօրուընէ պիտի մեկնարկէ Երեւան–Կապան կանոնաւոր թռիչքները։
Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ 17 օգոստոսին Երեւան-Կապան թռիչքով Սիւնիքի մարզ մեկնած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։