Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Մարտուն Գրիգորեանը 2 ամիսով կալանաւորուած է, յայտնած է փաստաբան Արսէն Բաբայեանը:
Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ դատարան ներկայացնելու նպատակով ձերբակալուած է ՀՀ ԱԺ նախորդ գումարման պատգամաւոր Մարտուն Գրիգորեանը։
Հակակոռուպցիոն կոմիտէէն յայտնած են, որ Մարտուն Գրիգորեանը ձերբակալուած է ընտրական յանցագործութեան դէպքով նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։