image

Առաջին անգամ Հայաստան եւ Ատրպէյճան սեղանի շուրջ հարց լուծած են, պէտք է գնահատենք. Նիկոլ Փաշինեան

Առաջին անգամ Հայաստան եւ Ատրպէյճան սեղանի շուրջ հարց լուծած են, պէտք է գնահատենք. Նիկոլ Փաշինեան

Կ՚ուզեմ, որ երէկուան տեղի ունեցածի քաղաքական նշանակութիւնը գնահատենք․ Ստեփանաւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութեան։

«Երէկուայ յայտարարութեան հետ կապուած ես նախ կ՚ուզենամ, որ մենք տեղի ունեցածի քաղաքական նշանակութիւնը գնահատենք։ Չէի ուզենայ, որ մենք գերագնահատենք տեղի ունեցածը, բայց նաեւ չէի ուզենայ, որ թերագնահատենք։ Շատ կարեւոր է արձանագրել, որ առաջին անգամ Հայաստանը եւ Ադրբեջանը սեղանի շուրջ լուծել են հարց, պէտք է գնահատենք դա»,-ըսած է ան։

Յիշեցնենք՝ պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յանձնաժողովները երէկ ունեցած հանդիպումէն ետք համատեղ մամլոյ հաղորդագրութիւն տարածած են, որուն մէջ ըսուած է, որ նախնական համաձայնեցուած են Հայաստանի Բաղանիս, Ատրպէյճանի Բաղանիս-Այրում, Հայաստանի Ոսկեպար, Ատրպէյճանի Աշաղը Ասկիպարա, Հայաստանի Կիրանց, Ատրպէյճանի Խեյրեմլի, Հայաստանի Բերքաբեր, Ատրպէյճանի Կըզըլ Հաճիլի գիւղերու միջեւ սահմանային գիծի հատուածներուն մէջ սահմանի անցումը։