image

Արագ միջոցներու ձեռնարկել. ԵԱՀԿ-ը մտահոգ է

Արագ միջոցներու ձեռնարկել. ԵԱՀԿ-ը մտահոգ է

Կոչ կ'ընենք անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու Արցախի մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար։ Այս մասին թուիթըրեան իր էջով գրած է ԵԱՀԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ՝ Մայքլ Քարփենթըր։ 

«Խորապէս մտահոգուած եմ Լեռնային Ղարաբաղ եւ անոր շրջակայքը ապրողներու անվտանգութեան համար՝ կապուած այդ տարածքին մէջ վերսկսուած մարտերու մասին լուրերուն հետ: Մենք չենք փափաքիր վերադառնալ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն, ինչպէս եղաւ 2020-ին, եւ կոչ կ'ընենք անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ հետագայ մագլցումները կանխելու համար»,-գրած է Քարփենթըր։