Այսօր՝ Յունիս 3-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբի հերթական նիստը:
Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբը վերջին անգամ հանդիպած էր 2021 թուականի Դեկտեմբերին:
Ինչ կը վերաբերի սահմանազատման եւ անվտանգութեան հարցերով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպման, որ նոյնպէս պէտք է տեղի ունենայ Մոսկուայի մէջ, հանդիպման օրը դեռ չէ հաղորդուած: