image

Մոսկուայի մէջ ատրպէյճանական համայնքի ղեկավարն արտաքսուած է Ռուսիայէն

Մոսկուայի մէջ ատրպէյճանական համայնքի ղեկավարն արտաքսուած է Ռուսիայէն

Մոսկուայի մէջ ատրպէյճանական համայնքը գլխաւորող Պախտիյար Հասանով արտաքսուած է Ռուսիայէն։

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ Պախտիյար Հասանովը գաղթականներու ժամանակաւոր պահման կեդրոնէն, ուր որոշ ժամանակ կը գտնուէր կալանքի տակ, տեղափոխուած է օդակայան եւ արտաքսուած։

Պախտիյար Հասանովի՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիութիւնը չեղարկուած էր անցեալ տարի։ Այս տարուան Յունիսին ան ձերբակալուած էր իրաւապահ մարմիններու կողմէ եւ տեղափոխուած գաղթականներու ժամանակաւոր պահման կեդրոն։