image

«Անոնց նպատակն է վերահսկողութեան տակ առնել Լաչինի միջանցքը». Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար

«Անոնց նպատակն է վերահսկողութեան տակ առնել Լաչինի միջանցքը». Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան նամակներ ուղարկած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը երկիրներու դեսպաններու:

Նամակներուն մէջ ներկայացուած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ առաջացած մարդասիրական խնդիրները, ինչպէս նաեւ կազի եւ ելեկտրաական ուժանիւթի մատակարարման խափանման բացասական ազդեցութիւնը մարդոց առօրեայ կեանքի ու հանրապետութեան տնտեսութեան վրայ:

Ընդգծուած է, որ շրջափակումը Ատրպէյճանի՝ Արցախի հայաթափման ուղղուած առաջին փորձը չէ, այլ ուղիղ շարունակութիւնն է 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակման, որու ընթացքին բռնագրաւուած է Արցախի տարածքի զգալի մասը, իսկ 38 000 մարդ դարձած է փախստական կամ ներքին տեղահանուած:

Նշուած է, որ Ատրպէյճանի հրաժարումը Կաշէնի հանքավայրի մէջ անկախ միջազգային դիտարկում կայացնելու Արցախի կառավարութեան առաջարկէն եւս մէկ ապացոյց է, որ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններու կողմէ ղեկավարուող «բողոքի ակցիան» ամբողջովին այլ նպատակ ունի. մասնաւորապէս, լիակատար վերահսկողութեան տակ վերցնել Լաչինի միջանցքը՝ ի խախտում 2020 թ. նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան:

Շեշտուած է, որ Ատրպէյճանի կեղծ պնդումները առ այն, որ Լաչինի միջանցքը բաց է, կը հերքուին փաստով, որ 2022 թ. դեկտեմբեր 12-էն առ այսօր Արցախի որեւէ բնակչի պատկանող մեքենայ այդ ճանապարհով չէ անցած: Իրականութեան մէջ արգելափակուած ճանապարհով անցնելու թոյլտւութիւն կը ստանան միայն Կարմի Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան  խաղաղապահ զօրակազմի մեքենաները: Աւելին, չկարողանալով միջազգային հանրութեան համոզել, որ «բողոքի ակցիան» իբր բնապահպանական բնոյթ կը կրէ՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Լաչինի միջանցքի մէջ տեղի ունեցողը իրենց ներքին գործն է, եւ անոնք պարտաւոր չեն այն քննարկել որեւէ երկրի հետ։ Մինչդեռ ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի վերոնշեալ բոլոր գործողութիւնները կը հետապնդեն միայն մէկ նպատակ՝ Արցախի հայաթափում։

Նամակներուն մէջ նախարար Սերգէյ Ղազարեանը կոչ ըրած է ՀՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն՝ իրենց կառավարութիւններուն ներկայացնելու զարգացումներու իրական պատկերը: Նշուած է. «Յորդորում ենք Ձեր կառավարութեանը փոխանցել մեր կոչը՝ գործուն միջոցներ ձեռնարկել, այդ թուում՝ կիրառել պատժամիջոցներ կամ ազդեցութեան այլ գործիքակազմ՝ ուղղուած Արցախի ապաշրջափակմանը եւ Ադրբեջանի յանցաւոր նպատակների կանխմանը»: