image

Անցեալ Մարտին Երեւանի մէջ աւելի քան 1500 երեխայ ծնած է

Անցեալ Մարտին Երեւանի մէջ աւելի քան 1500 երեխայ ծնած է

Երեւանի մէջ մարտ ամսուան ընթացքին ծնած է աւելի քան 1500 երեխայ` շուրջ 770 տղայ եւ 730 աղջիկ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի առողջապահութեան վարչութեան պետ Դաւիթ Կարապետեանը։

«Երեւանում նախորդ ամիս գրանցուել է 645 մահ, ծնուել է 1506 երեխայ` 772 տղայ եւ 734 աղջիկ։ Ընտանիքում որպէս 11-րդ երեխայ ծնուել է 1 տղայ` Շենգաւիթ ԲԿ–ում»,– ըսած է Կարապետեանը։

Խօսելով «Շտապ բուժօգնութեան» ծառայութեան կողմէ գրանցուած վթար–վրաերթերու մասին`ան ընդգծած է, որ ատոնք թուով 180 հատ եղած են։ Վթար–վրաերթերի հետեւանքով տուժած է 194 քաղաքացի, գրանցուած է 3 մահ։

Ծառայութեան կանչերու ընդհանուր թիւը կազմած է 24 430, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազած է։

Մարտ ամսուն պատասխան տրուած է 56 955 զանգի, բողոքներ զանգերու սպասարկման կեդրոնին՝ չեն գրանցուած։