image
Հրատապ լուրեր:

Ամօթալի է որ Ամերիկացի հարկատուներու գումարներով ֆինանսաւորած են Ատրպէյճանը. Ամերիկացի գործիչ

Ամօթալի է որ Ամերիկացի հարկատուներու գումարներով ֆինանսաւորած են Ատրպէյճանը. Ամերիկացի գործիչ

ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար իր թեկնածութիւնն առաջադրած ձեռնարկատէր Վիւէք Ռամասուամին արձագանգած է ԱՄՆ Սենատի կողմէ «Հայկական պաշտպանութեան օրինագիծին»:

«Ամօթալի է, որ ԱՄՆ հարկատուներու գումարներն օգտագործուած են Ատրպէյճանի կողմէ հայ քրիստոնեաներու հալածանքները ֆինանսաւորելու համար։ Զարմացած եմ, որ նախագահի ոչ մէկ թեկնածու երբեւէ չէ ընդունած այդ վայրագութիւնները։ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան արգելափակումը ճիշդ քայլ է», - գրած է Ռամասուամին X-ի իր էջին։