image
Հրատապ լուրեր:

Նուիրեալ ազգային գործիչ՝ Պերճ Աբգարեան Անթիլիաս այցելելելով օրհնութիւն ստացաւ ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառէն

   Նուիրեալ ազգային գործիչ՝ Պերճ Աբգարեան Անթիլիաս այցելելելով  օրհնութիւն ստացաւ ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Վեհափառէն

Հայաստանի մէջ  ընթացիկ տարուան  բժշկական առաքելութեան աւարտին առիթով՝ Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Խորհուրդի ղեկավար Պերճ Աբգարեան այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու անոր օրհնութիւնը եւ զեկուցելու Հայաստանի, Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ խորհուրդին մարդասիրական գործունէութեան մասին։

Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Խորհուրդի ղեկավար Պերճ Աբգարեանի։ Պ. Աբգարեանի Լիբանան այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր Հայաստանի մէջ իրականացուած բժշկական առաքելութեան աւարտին ստանալ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ բժշկական խորհուրդին կատարած աշխատանքներուն։Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց եւ քաջալերեց յիշեալ խորհուրդին գործունէութիւնը եւ իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ յառաջիկային իրագործելի ծրագիրներուն։

Յայտնենք, որ բժշկական առաքելութեան մասնակցող 39 բժիշկներու խումբը կը բաղկանար ոչ միայն Ֆրեզնոյի, այլ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններուն մէջ գործող անուանի մասնագէտներէ։

 

Հանդիպման աւարտին, Պ. Աբգարեան ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին։