image

ԱՄՆ-ը ժամանակաւորապէս մեղմացուցած է ռուսական նաւթի դէմ պատժամիջnցները

ԱՄՆ-ը ժամանակաւորապէս մեղմացուցած է ռուսական նաւթի դէմ պատժամիջnցները

Միացեալ Նահանգները թոյլատրած է ռուսական նաւթի եւ նաւթամթերքներու մատակարարումները, եթէ ատոնք նաւերու վրայ բեռնուած են մինչեւ մարտ 12-ը։ Համապատասխան գործարքներ կատարելու թոյլտուութիւն տուող արտօնագիրը հրապարակուած է հինգշաբթի՝ մարտ 12-ին, երկրի ֆինանսներու նախարարութեան կայքէջին վրայ։ Թոյլտուութիւնը ուժի մէջ է 30 օր՝ մինչեւ ապրիլ 11-ը, կը հաղորդէ Financial Times-ը։

Գերատեսչութեան ղեկավար Սքոթ Պեսենթի համաձայն՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նման որոշում կայացուցած է՝ համաշխարհային ուժանիւթի շուկաներուն մէջ կայունութիւն ապահովելու եւ գիները ցած պահելու նպատակով՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի՝ Իրանի դէմ պատերազմի պատճառով։

X-ի ընկերային ցանցի իր էջին վրայ նախարարը նշած է, որ այս նեղ մասնագիտական, կարճաժամկէտ միջոցը զգալի ֆինանսական օգուտ պիտի չբերէ Ռուսիոյ կառավարութեան, որ իր ուժանիւթի եկամուտներուն հիմնական մասը կը ստանայ արդիւնահանման վայրին վրայ գանձուող հարկերէն։ Ան նաեւ աւելցուցած է, որ նաւթի գիներու բարձրացումը կարճատեւ եւ ժամանակաւոր խափանում է, որ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ հսկայական օգուտ պիտի բերէ Միացեալ Նահանգներուն։