image

ԱՄՆ-ն որո՞ւ դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ

ԱՄՆ-ն որո՞ւ դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ

ԱՄՆ-ն մտադիր է նոր պատժամիջոցներ սահմանել արտասահմանցի պաշտօնեաներու դէմ «Յանուն ժողովրդավարութեան գագաթաժողովի» նախապատրաստման շրջանակին մէջ: 

Ամերիկեան լրատուամիջողները, վկայակոչելով Սպիտակ տան վարչակազմը, կը յայտնեն, որ սահմանափակումները պիտի վերաբերեն իշխանութեան ներկայացուցիչներու լայն շրջանակի:

Կը նշուի, որ պատժամիջոցները կը սահմանուին մարդու իրաւունքներու խախտման եւ փտածութեան պատճառով, սակայն յստակ անուններ չեն հաղորդուիր:  

Յառաջիկայ գագաթաժողովի ծիրին մէջ, ԱՄՆ նախագահին վարչակազմը ներկայացնող պաշտօնական անձեր յոյս ունին համոզելու միւս երկիրներու ղեկավարները՝ միանալու նոր սահմանափակումներուն:

Գագաթաժողով տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 9-10-ին: Առցանց միջոցառման պիտի մասնակցի 110 երկիր, այդ շարքին՝ Հայաստանը: