Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ լարուածութիւնը պայթիւնավտանգ է ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի շրջանի համար։ Այս մասին RT-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Այս իրադրութիւնը սկզբունքօրէն պայթիւնավտանգ է ոչ միայն Իրանի, այլեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար։ Կան շատ ականներ, որոնք կը պայթին անոնց վրայ ոտք դնելու առաջին իսկ պահուն»,– յայտարարած է Լաւրովը։
Ան նշած է, որ Իրանը Ռուսիոյ մօտ գործընկերն է, եւ հետեւաբար ռուսական կողմը չի կրնար անտարբեր մնալ այն զարգացումներուն հանդէպ, որոնք տեղի կ՚ունենան շրջանին մէջ։ «Իրանը մեր գործընկերն է՝ մօտ գործընկեր եւ հարեւան։ Ի հարկէ, մենք անտարբեր չենք դէպքերու ներկայ զարգացումներուն նկատմամբ»,– ըսած է Ռուսիոյ ԱԳ նախարարը։
Ան յայտարարած է նաեւ, որ ԱՄՆ-ը, Իրանը եւ Իսրայէլը գիտեն, թէ Ռուսիան պատրաստ է իր ներդրումը ունենալու Մերձաւոր Արեւելքի շրջանին մէջ լարուածութեան թօթափման հարցին մէջ։