Սիւնիքի մարզ կատարած այցի ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուինը հանդիպած է տեղական իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու եւ բնակիչներու հետ, որոնք ներկայացուցած են անվտանգային միջավայրին վերաբերող իրենց համատարած մտահոգութիւնները: Այդ մասին ըսուած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան դիմատետրի էջին:
«Դեսպանը նաեւ այցելած է Տեղ համայնք, ուր անմիջականօրէն ականատես եղած է սահմանին տիրող լարուած իրավիճակին։ Իւրաքանչիւրն արժանի է ապահովութեան եւ անվտանգութեան, որ իր հետ կը բերէ տեւական եւ արդարացի խաղաղութիւնը»,- նշուած է գրառման մէջ։