image

Ամերիկայի երեք թեմերը՝ յանուն Լիբանանի

Ամերիկայի երեք թեմերը՝ յանուն Լիբանանի

 

Լիբանանահայութեան օգնութեան միտուած նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին։

Այս ծիրէն ներս, «Արեւելք» Միացեալ Նահանգներէն իմացաւ, որ օրերս Հիւսիսային Ամերիկայի Անթիլիասի Աթոռի երեք թեմերու առաջնորդները հանդէս եկած են միացեալ կոչով՝ իրենց թեմերու անդամներուն խորհուրդ տալով օժանդակութիւն ցուցաբերել մեծ տագնապի մէջ գտնուող լիբանանահայերուն։

Ստորեւ կը հրապարակենք այդ առթիւ լոյս տեսած կոչը. 

Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդները՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ), Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան (Գանատայի Հայոց Թեմ) եւ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ եպիսկոպոս Տօնոյեան (Արեւմտեան Թեմ) կը հրաւիրեն իրենց համայնքի զաւակները, միահամուռ ջանքերով շարունակելու Լիբանանի հայութեան ի նպաստ օժանդակութեանց արշաւը:

Ի հետեւումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի կոչին, հարկաւոր է նոր թափ տալ համայնական ջանքերուն, համօրէն սատար հանդիսանալու Սփիւռքի սիրտն ու ոգին հանդիսացող լիբանանահայութեան, որ տասնամեակներ շարունակ կենսատու աւիւն ջամբեց մեր բոլոր գաղութներուն։

Առ այդ, երեք Առաջնորդները յանուն Ազգային Իշխանութեանց իրենց պատրաստակամութիւնն ու անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելով լիբանանահայութեան վերականգնման համազգային ճիգերուն, կը յորդորեն Հիւսիսային Ամերիկայի մեր համայնքի բոլոր զաւակաները, որ միասնակամութեամբ եւ առաւել յանձնառութեամբ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, գործնական քայլերով՝ բարոյապէս ու նիւթապէս նեցուկ կանգնին եւ յոյսի շողերով լուսաւորեն լիբանանահայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, մանուկին ու տարեցին մթագնած հոգիները, յաղթահարելու ներկայի յամեցող աննկարագրելի տագնապը։ 

 

Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան

Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ եպիսկոպոս Տօնոյեան

 

15 Սեպտեմբեր 2021