Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանն ընդունած է ՀՀ-ի մէջ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Ամալ Աֆիֆին՝ հաւատարմագրերու պատճէնի յանձնման կապակցութեամբ:
ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի և Եգիպտոսի ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական սերտ կապերուն եւ ընդգծուած է ներկայ փուլին երկու երկիրներու միջեւ փոխադարձ աշխուժ շփումներու, այդ շարքին՝ բարձրաստիճան փոխայցելություններու կարեւորութիւնը։
ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը եւ Եգիպտոսի նորանշանակ դեսպանը քննարկած են նաեւ Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ կրթութեան, մշակոյթի եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ երկկողմ օրակարգին առնչուող հարցեր եւ անդրադարձ կատարած են առկայ համագործակցութիւնն ընդլայնելու հնարաւորութիւններուն: