Աֆղանիստանի մէջ իշխանութեան եկած թալեպներն այս շաբաթ արգիլած են աղջիկներն ու կիները յաճախել բժշկական կրթութիւն առաջարկող հաստատութիւններ: Այս մասին յայտնած է Human Rights Watch-ը:
BBC աւելցուցած է, որ որպէս մանկաբարձուհիներ եւ բուժքոյրեր վերապատրաստուող կանանց արգիլուած է դասերու յաճախել: Աֆղանիստանի մէջ հինգ առանձին հաստատութիւններ նոյնպէս հաստատած են BBC-ին, որ թալեպները հրահանգած են անոնց դադրեցնել գործունէութիւնը. համացանցով տարածուած տեսանիւթերուն մէջ կ'երեւի, որ ուսանողները կու լան այդ լուրէն:
Բացի այդ, թալեպները որոշ նահանգներու մէջ արգիլած են, որ կիները բուժում ստանան տղամարդ բժիշկներէ, ինչ որ կը նշանակէ, որ այս նոր հրամանագիրը պիտի յանգեցնէ կանանց անհարկ ցաւի, հիւանդութեան կամ մահուան, քանի որ կին բուժաշխատողներ պիտի չըլլան զիրենք բուժելու համար:
Թալեպներու գերագոյն առաջնորդ Հայպաթուլլա Ախունտզատան արձակած է այս հրամանը, որ յայտարարուած է երկուշաբթի օր, Առողջապահութեան նախարարութեան նիստին: Նախարարութիւնը հրաւիրած է մասնաւոր բժշկական ուսումնական հաստատութիւններու տնօրէնները՝ հրահանգելու նոր կարգի մասին։