image

Պերճ Աբգարեանի տեսլականը՝ բժշկական առաքելութենէն դէպի Հայաստան-Սփիւռք գործնական զօրակցութիւն

Պերճ Աբգարեանի տեսլականը՝ բժշկական առաքելութենէն դէպի Հայաստան-Սփիւռք գործնական զօրակցութիւն

Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան գործունէութեան ետին կը գտնուի  Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս՝  Պերճ Աբգարեանի յստակ տեսլականը՝ մասնագիտական գիտելիքն ու մարդուժը ծառայեցնել ոչ միայն բուժօգնութեան, այլեւ Հայրենիքին ու Սփիւռքին մնայուն զօրակցութիւն ապահովելու։ Այս տեսլականով առաքելութիւնը կը շարունակէ ընդլայնել իր գործունէութեան սահմանները՝ բժշկութենէն մինչեւ կրթութիւն, վերապատրաստում եւ զարգացման ծրագիրներ։

 Ստորեւ  այդ առաքելութեան մասին  Պրն. Աբգարեանի  կողմէ  վերջերս    լսելի դարձած շեշտադրումները՝

 

Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բեղուն գործունէութեան ծանօթ են մեր ընթերցողները: Առաքելութիւնը կանոնաւոր գործուղումներով հետեւողականօրէն բազմապիսի օժանդակութիւններ կը շարունակէ տրամադրել լիբանանահայ բարեսիրական, բժշկական եւ կրթական կառոյցներուն:

5 մայիս 2026-ի թիւով  «Ազդակ» հարցազրոյց կատարած էր առաքելութեան ղեկավար, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին հետ, որ հանգամանօրէն պարզաբանած էր այն պատճառները, որոնք մղած էին յետաձգել այս տարուան լիբանանեան գործուղումը: Աբգարեան հաստատած էր` «Մեր առաքելութիւնը առկախուած է, բայց անպայման պիտի կայանայ եւ շարունակուի»:

Առաքելութեան ծրագիրին մէջ ներառուած են նաեւ սուրիահայ համայնքն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ուր վերջին շրջանին յատկապէս բժշկագիտական մարզին մէջ կարեւորագոյն ներդրումներ կը կատարուին այս ոլորտը հայրենիքի մէջ մրցունակ դարձնելու առումով: Առաքելութեան հայրենական գործուղումը տեղի կ՛ունենայ 18 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր:

Այս մասին «Ազդակ» հեռաձայնային ամփոփ զրոյց մը ունեցաւ առաքելութեան ղեկավար, պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին հետ, որ պարզեց, թէ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ 4 ուղղութիւն`

1.- Բժշկագիտական միջազգային գիտաժողով

2.- Մասնագիտական մարդուժի վերապատրաստութիւն

3.- Վերակենդանացման բաժանմունքի կառավարում եւ գործառոյթներ

4.- Գիւղատնտեսական ոլորտի ներդրում` ջրամատակարարման ծրագիրներու կեդրոնացումով:

Պերճ Աբգարեան նաեւ փոխանցեց, որ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի անձնակազմէն յայտնի անուն եղող փրոֆ. Շարպէլ Ռըզք եւս պիտի միանայ հայաստանեան այս ծրագիրին, յատկապէս վերակենդանացման բաժնին  իր փորձառութիւնը ներդրելով:

Զրոյցին աւարտին Պերճ Աբգարեան հաստատեց, որ այս առաքելութեան բազմաճիւղ գործունէութիւնը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութիւնն ու օրհնութիւնը: «Կը գիտակցինք, որ լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ ապահովական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններ եւ մեր առաքելութիւնն է մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ զօրակցիլ սփիւռքի այս կարեւորագոյն համայնքին», եզրափակեց Պերճ Աբգարեան:

Լուրը՝ «Ազդակ»էն