image
Հրատապ լուրեր:

83-ամեայ տիտան՝ Ատէլ Իմամ առաջին անգամ տեսախցիկներու առջեւ(Լուսանկար)

83-ամեայ տիտան՝ Ատէլ Իմամ առաջին անգամ տեսախցիկներու առջեւ(Լուսանկար)

Եգիպտացի տաղանդաւոր դերասան Ատէլ Իմամ օրերս տօնած է իր ծննդեան 83-րդ տարեդարձը։

 

Այս մասին տեղեկութիւնը տարածած են եգիպտական աղբիւրներ։

Ուշագրաւն այն է, որ արաբ տիտանը երկար ժամանակէ ի վեր հանրային երեւում չէր ունեցած ու այդ ընթացքին ալ բազմաթիւ անգամներ լրասփիւռներ խօսած էի անոր հաւանական մահուան մասին։

Կը նշուի նաեւ, որ երկար ժամանակէ ի վեր շարժապատկերի կամ թատերական բեմերէ հեռու մնացող Ատէլ Իմամ իր օրերը կ՚անցընէ ընթերցանութեամբ ու նաեւ թոռներուն հետ զբաղուելով։

Եգիպտական ու մեծ հաշուով ալ արաբական թատերական ու սինեմաշխարհի մէջ իր անկորնչելի հետքը թողած Ատէլ Իմամ կարողացած էր փայլուն ներկայութիւն դառնալ մասնաւորապէս «Մատրասաթ ալ մուշաղիպ»ին թատերական ներկայացման մէջ իր ունեցած տիրական դերով։

 

 

Լուրը՝ «Արեւելք»ի