image

7 Բուժառու Արցախէն Հայաստան տեղափոխուեցան

7 Բուժառու Արցախէն Հայաստան տեղափոխուեցան

Այսօր՝ 22 օգոստոսին ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն 7 բուժառուներ ուղեկցողներու հետ միասին, անյետաձգելի մասնագիտացուած բժշկական օգնութիւն ստանալու համար, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։

 

Այս մասին յայտած են Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն։

Կը նախատեսուի օրուան ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 7 բուժառուներ՝ ուղեկցողներուն հետ միասին, որոնք ժամանակին պետական պատուէրի ծիրէն ներս ուղեգրուած էին ՀՀ բուժում ստանալու համար։

Ատրպէյճանական կողմը շարունակաբար կ'արգիլէ Կարմիր խաչի մեքենաներով խիստ անհրաժեշտ դեղորայքի եւ բժշկական պարագաններու մատակարարումը Արցախ։