Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը (4 Օգոստոս 2020)
Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, երեկոյեան ժամը 6:07-ին որոտաց մեծ պայթում մը, քիմիական նիւթերու պահեստանոցի մը մէջ: Պայթումը պատահած է գրաւուած պայթուցիկ նիւթեր ամբարող թիւ 12 պահեստանոցին մէջ: Ըստ նախնական տուեալներու տեղի ունեցած պայթումին տարողութիւնը շատ մեծ է ու աննախադէպ։ Արձանագրուած է շուրջ 4000 վիրաւոր, 207-է աւելի զոհ, ինչպէս նաեւ՝ 9-է աւելի անյայտ կորսուած: Պայթումը պատճառ դարձած է նիւթական մեծ վնասներու։
Պայթումին ցնցումները զգացուած են մայրաքաղաքին շուրջ եղող տարբեր արուարձաններուն մէջ, իսկ պայթումին մօտ եղող շրջաններու շէնքերուն պատուհաններու ապակիները փշրուած կամ ալ տուները ամբողջութեամբ աւերակներու վերածուած են։ Ըստ Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտի, պայթումին իբրեւ հետեւանք 200,000-էն 250,000 հոգի անօթեւան մնացած է: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնած է, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատճառած է 2700 թոն ամոնիոմի պահեստը, որ տարիներէ ի վեր ամբարուած է նաւահանգիստին մէջ, եւ կը գտնուէր Ափրիկէ փոխադրուելու ընթացքին մէջ:
Երկու տարի ետք, տակաւին իրաւաբանականօրէն յանցաւոր մը կամ յանցաւորներ չեն ճշդուած:
Անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրը յայտնած է, որ նախնական հրդեհը բռնկած է պահեստին մէջ զօդման աշխատանքներու ատեն: Ամոնիում նիթրաթը (nitrate) կապուած է Մոլտովիական բեռնափոխադրող MV Rhosus նաւուն հետ, որ 2014-ին կանգ առած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ շարժիչի մը հետ կապուած հարցերու պատճառով: Նաւը տեղափոխած է 2750 թոն ամոնիում նիտրատ՝ Պաթում եւ Մոզամպիք քաղաքներէն: Երբ նաւը նաւարկութեան համար ոչ պիտանի համարուած է, սեփականատէրերը եւ բեռնափոխադրողները լքած են զայն, անձնակազմը վերադարձած է, իսկ բեռը տեղափոխուած է ծովափ՝ պահելու համար:
Վնասներ
Պէյրութի մէջ վնասուած բնակարան մը Ականատեսներու վկայութեամբ՝ պայթումէն վնասուած են 10 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող տուները։ Լիբանանի պետութեան տուեալներուն համաձայն, երկրին երկրորդ մեծ հացահատիկի շտեմարանը աւերուած է ինչ որ աւելիով սրած է Պսակաձեւ Ժահրի եւ ծանր տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով յառաջացած սնունդի պակաս:
Հարիւրաւոր վիրաւորներ, որոնք տեղափոխուած են մօտակայ հիւանդանոցներ, չեն կրցած հարկ եղած բուժօգնութիւնը ստանալ, հիւանդանոցներուն հասած վնասներուն պատճառով: Ս. Գէորգ հիւանդանոցը, որ կը գտնուի պայթումի վայրէն 1 քմ-էն պակաս հեռաւորութեան վրայ, ստիպուած է հիւանդները բուժել փողոցը հաստատութեան ստացած մեծ վնասներուն պատճառով:
Պէյրութի եւ անոր շրջակայքը գտնուող դեսպանատուները յայտնած են իրենց շէնքերուն տարբեր աստիճանի վնասման մասին: Պայթումի վայրին անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող Արժանթինի, Աւստրալիոյ, Ֆինլանտայի եւ Կիպրոսի դեսպանատուները լուրջ վնասներ ստացած են: Հարաւային Քորիայի դեսպանատունը, որ կը գտնուի պայթումի վայրէն 7,3 քմ հեռաւորութեան վրայ, հաղորդած Է դեսպանատան շէնքին երկու պատուհաններու աննշան վնասման մասին, աննշան վնասներու մասին հաղորդած են նաեւ Ղազախիստանի եւ Ռուսաստանի դեսպանատուները: Ֆինլանտայի դեսպանատունը փլած է պայթումին հետեւանքով, ղեկավարին տեղակալը յայտարարած է, որ դեսպանատունը «այլեւս գոյութիւն չունի»:
Abou Merhi Cruises ընկերութեան պատկանող Orient Queen զբօսանաւը զգալի վնասներ ունի, եւ զբօսանաւուն մէջ քանի մը հոգի վիրաւորուած :
Ձերբակալութիւններ
Մինչեւ այս պահը, նաւահանգիստին պայթումին թղթածրարին հետ առնչուող ձերբակալուած ու հարցաքննուած են 19 անձեր, ներառեալ մաքսատան նախկին տնօրէն Շաֆիք Մերհին:
Ներքին արձագանգ
Լիբանանի վարչապետ Հասսան Տիապ յայտարարած է, որ պայթումին յաջորդ օրը ազգային սուգի օր է։ Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ հեռատեսիլի կայանէն լալով պատահածը կոչած է «ազգային աղէտ»։ Նախագահ Աուն յայտարարած է, որ կառավարութիւնը կ'աջակցի անօթեւան մնացած քաղաքացիներուն, իսկ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը վճարէ վիրաւորներուն բուժման ծախսերը:
Միջազգային արձագանգ
Շատ երկիրներու ներկայացուցիչներ իրենց աջակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը յայտնած են, իսկ որոշ երկիրներ ալ օգնութիւն առաջարկած Լիբանանին: Իսրայէլ հերքած է իր ներգործութիւնը պայթումին գծով եւ Հեզպոլլահի բարձրաստիճան պաշտօնեաները նոյնպէս հերքած են Իսրայէլի ներգործութիւնը:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր «խոր ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան»՝ վիրաւորներուն մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում եւ կրկին յայտնելով իր աջակցութիւնը Լիբանանի: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւնը յայտարարած է, որ «պատրաստ է ամէն տեսակի օգնութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու»։
Քանի մը երկիրներ իրենց տեսարժան վայրերն ու յուշարձանները դարձուցած են Լիբանանի դրօշակին գոյներուն՝ յաջակցութիւն Լիբանանի: Լիբանանի դրօշակին գոյներով ներկուած են՝ Տուպայի մէջ գտնուող Պուրժ Խալիֆան, Թեհրանի մէջ Ազատութեան աշտարակը, Կիզայի բուրգերը եւ Թել Ավիւի քաղաքապետարանը: Փարիզի Էյֆելեան աշտարակին լոյսերը կէս գիշերին մարած են՝ յաջակցութիւն Լիբանանի: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անձամբ 6 Օգոստոսին այցելած է Պէյրութ եւ խոստացած իր աջակցութիւնը: Ան աղէտէն ետք քաղաք այցելած օտարերկրեայ պետութեան առաջին ղեկավարն է:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը 5 Օգոստոսին Լիբանան ուղարկած է մարդասիրական օգնութեան առաջին բեռը Տուպայի տարածաշրջանային պահեստէն: 5 Օգոստոսին Իրանի Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը 95 թոն պարէնամթերք եւ դեղորայք ուղարկած է Պէյրութ:
Գործարար Խալաֆ Ալ Հապթուր Լիբանանի հիւանդանոցներուն համար շտապ դեղորայքի միամսեայ պաշար ուղարկած է աւելի քան 1000 մահճակալով:
Մեծն Բրիտանիան տրամադրած է շտապ բժշկական եւ մարդասիրական օգնութիւն, որու արժէքը կը կազմէ մինչեւ 5 միլիոն ֆունտ: Քանատայի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ անոնք կը տրամադրեն մարդասիրական օգնութիւն մինչեւ 5 միլիոն քանատական տոլար (շուրջ 3,7 միլիոն ԱՄՆ տոլար)` պայթումի հետեւանքները վերացնելու համար: Ռուսաստան Լիբանան ուղարկած է արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մասնագէտներ: Ազրպէյճանի նախարարներու միութիւնը նիւթական օգնութիւն տրամադրած է Լիբանանին՝ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլարի չափով: Օգնութիւն տրամադրած են նաեւ՝ Ֆրանսան, Յորդանանը, Դանիան, Չեխիան, Յունաստանը՝ զոհերուն ընտանիքներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար: