Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն 25 յունիսին 15 բուժառու՝ 9 ուղեկցողներու հետ միասին, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Արցախի գրասենեակի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ, տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ աւելցնելով, որ գործընթացը վերսկսած է տասնօրեայ լիակատար արգելափակումէն ետք։
«Դեռեւս բազմաթիւ բուժառուներ սպասում են իրենց տեղափոխութեանը Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ վերադարձին:
Նախատեսւում է օրուայ ընթացքում Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 16 բուժառուների (ուղեկցողների հետ միասին), ովքեր պետական պատուէրի շրջանակներում ժամանակին ուղեգրուել էին ՀՀ բուժում ստանալու համար, ինչպէս նաեւ Արցախ տեղափոխել հրատապ անհրաժեշտութեան դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ աղբիւրի՝ ներկայիս «Արեւիկ» բուժմիաւորումին մէջ 4 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, իսկ «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 8 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, որոնցմէ 3-ը՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։