16 սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն 8 բուժառու՝ ուղեկցողներու հետ միասին, անյետաձգելի մասնագիտացուած բժշկական օգնութիւն ստանալու համար, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։
Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէ։
«Արեւիկ» բժշկական միաւորումի մէջ այս պահուն բուժում կը ստանայ 18 երեխայ, 3-ը կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունք:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-ին մէջ բուժում կը ստանայ 72 հիւանդ, 6 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։