image

Ժընեւեան Բանակցութիւնները Պիտի Մեկնարկուին Ուրբաթ Օր

Ժընեւեան Բանակցութիւնները Պիտի Մեկնարկուին Ուրբաթ Օր

Սուրիա- («Ալ-Հայաթ»-Լոնտոն)- Դէպի Սուրիա միջազգային բանագնաց՝ Տէ Միսթուրան յայտարարած է, որ յառաջիկայ Ուրբաթ Ժընեւի մէջ պիտի մեկնարկուի բանակցութիւնները՝ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ յայտարարութիւնը կատարուած է Ռիատի մէջ ընդդիմութեան բանակցութեան գերագոյն մարմնի հանդիպման նախօրէին, ուր ընդդիմադիր կողմը որոշում պիտի կայացնէր իր մասնակցութեան վերաբերեալ: Թերթը կը նշէ, որ Տէ Միսթուրա այս կապակցութեամբ լրագրողներուն հաղորդած է, որ բանակցութիւններու սեղանին դրուելիք օրակարգերը չորս հիմնական ոլորտներ պիտի ընդգրկեն՝ քաղաքական գործընթացը (կառավարութիւն, նոր սահմանադրութեան մշակում եւ ընտրութիւններ), զինադադար, մարդասիրական օգնութիւններու հասանելիութիւնը  եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Աղբիւրի համաձայն, նախատեսուած է, որ Տէ Միսթուրա ինք վարէ բանակցութիւնները, անուղղակի ձեւով հանդիպումներ ունենալով ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու  եւ կառավարութեան հետ առանձին անջատ սենեակներու մէջ: Կը նշուի, որ բանակցութիւններու առաջին փուլի ժամկէտի համար նախատեսուած է մօտ տասը օր, որու ընթացքին  «Սուրիոյ Աջակցութեան Միջազգային Յանձնախումբ»ի արտաքին գործոց նախարարները Վիէննայի մէջ համաժողով մը պիտի կայացնեն՝ Փետրուար 11-ին, եւ ապա պիտի գնահատուին առաջին փուլի արդիւնքները,  եւ քաղաքական հիմքերը մշակուին՝  յաջորդ փուլի համար: