image

Ըստ Hurriyet-ի Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Նոր Բարեփոխումներ Պիտի Ընէ

Ըստ  Hurriyet-ի Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Նոր Բարեփոխումներ Պիտի Ընէ

Թուրքիա-(«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նյուզ»- Պոլիս)-Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» (AKP) կուսակցութեան կառավարութիւնը կը պատրաստուի գործնական քայլեր ձեռնարկել,       երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութեանց   իրաւուքներու  ընդարձակման    համար: Այս մասին կը գրէ «Հիւրրիյէթ»ը : Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ  ազատութիւններու եւ իրաւունքներու ընդարձակման  որոշումի ձգձգումներուն վերաբերեալ եղած քննադատութիւններուն վերջ տալու նպատակով, կառավարութիւնը նախատեսած է արագ գործողութիւններ ձեռնարկել որոշ հարցերու շուրջ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ եղած են:Ապագայ բարեփոխումներու մէջ ներառուած է Վան քաղաքի հարաւ արեւելեան կողմը գտնուող Աղթամար եկեղեցւոյ բացումը, որ 100 տարի փակուած մնալէ ետք, 2010-ին վերաբացուած էր մէկ անգամուան  պատարագի  մը համար: Ինչպէս նաեւ նախատեսուած է արագացնել ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կալուածները իրենց վերադարձնելու հարցը, օդանաւի ընկերութիւններուն մէջ քրտերէնով յայտարարութիւններ ընելն ու քաղաքները իրենց բուն անուններով կոչելու արտօնութիւնը:

 Ըստ թերթին այս քայլով կառավարութիւնը պիտի փորձէ  ցոյց տալ, որ ժողովրդավարութիւնն ու հակաահաբեկչական գործողութիւնները տարբեր հարցեր են եւ իրար չեն խանգարեր:

2010-էն ի վեր Վանի Աղթամար եկեղեցին բաց է այցելուներուն առջեւ, տարեկան պատարագի համար, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան թոյլտուութեամբ:

Չնայած կատարուած իրաւական պայմանաւորուածութիւններուն, տակաւին դժուարութիւններ կան ոչ իսլամական փոքրամասնութիւններու սեփականութիւնները իրենց վերադարձուելու հարցով, որոնց իրականացման դժուարութիւնները պայմանաւորուած են թղթատարական   խոչընդոտներով:

Ինչ կը վերաբերի քիւրտ ժողովուրդին տրուած խոստումներուն, կառավարութիւնը դասակարգած է զանոնք երկու մասին, վարչական որոշումներ եւ իրաւական պայմանաւորուածութիւններ: Օդանաւի ընկերութիւններու մէջ քրտերէն յայտարարութիւնները պիտի մեկնարկուին վարչական որոշման միջոցաւ, սակայն տեղական կառավարումի բարեփոխումը  եւ ինքնավար մարզ ըլլալու  խնդիը չի կրնար բարեփոխումներու այս խումբին մաս կազմել: