Թուրքիա-(«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նյուզ»- Պոլիս)-Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» (AKP) կուսակցութեան կառավարութիւնը կը պատրաստուի գործնական քայլեր ձեռնարկել, երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութեանց իրաւուքներու ընդարձակման համար: Այս մասին կը գրէ «Հիւրրիյէթ»ը : Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ ազատութիւններու եւ իրաւունքներու ընդարձակման որոշումի ձգձգումներուն վերաբերեալ եղած քննադատութիւններուն վերջ տալու նպատակով, կառավարութիւնը նախատեսած է արագ գործողութիւններ ձեռնարկել որոշ հարցերու շուրջ, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ եղած են:Ապագայ բարեփոխումներու մէջ ներառուած է Վան քաղաքի հարաւ արեւելեան կողմը գտնուող Աղթամար եկեղեցւոյ բացումը, որ 100 տարի փակուած մնալէ ետք, 2010-ին վերաբացուած էր մէկ անգամուան պատարագի մը համար: Ինչպէս նաեւ նախատեսուած է արագացնել ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կալուածները իրենց վերադարձնելու հարցը, օդանաւի ընկերութիւններուն մէջ քրտերէնով յայտարարութիւններ ընելն ու քաղաքները իրենց բուն անուններով կոչելու արտօնութիւնը:
Ըստ թերթին այս քայլով կառավարութիւնը պիտի փորձէ ցոյց տալ, որ ժողովրդավարութիւնն ու հակաահաբեկչական գործողութիւնները տարբեր հարցեր են եւ իրար չեն խանգարեր:
2010-էն ի վեր Վանի Աղթամար եկեղեցին բաց է այցելուներուն առջեւ, տարեկան պատարագի համար, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան թոյլտուութեամբ:
Չնայած կատարուած իրաւական պայմանաւորուածութիւններուն, տակաւին դժուարութիւններ կան ոչ իսլամական փոքրամասնութիւններու սեփականութիւնները իրենց վերադարձուելու հարցով, որոնց իրականացման դժուարութիւնները պայմանաւորուած են թղթատարական խոչընդոտներով:
Ինչ կը վերաբերի քիւրտ ժողովուրդին տրուած խոստումներուն, կառավարութիւնը դասակարգած է զանոնք երկու մասին, վարչական որոշումներ եւ իրաւական պայմանաւորուածութիւններ: Օդանաւի ընկերութիւններու մէջ քրտերէն յայտարարութիւնները պիտի մեկնարկուին վարչական որոշման միջոցաւ, սակայն տեղական կառավարումի բարեփոխումը եւ ինքնավար մարզ ըլլալու խնդիը չի կրնար բարեփոխումներու այս խումբին մաս կազմել: