AlMayadeen.net- Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին Ազրպէյճան պատրաստ է հրադադարի: Կայանը իր լուրը փոխանցած է աղբիւր ունենալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այսօր ըրած յայտարարութիւնը, ուր Ալիեւ ըսած է, թէ իրենք պատրաստ են հրադադար կնքելու: Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանեան կողմը շաբաթ օր լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ սկսած էր հայկական սահմանապահ դիրքերուն ու նաեւ անզէն բնակչութեան դէմ: Նախնական տուեալներով Ազրպէյճան մեծաթիւ զոհեր ունի ու անոր բանակի մեծ թիւով զրահամեքենաները, ուղղաթիռներն ու անօդաչու սարքերը ոչնչացուած են: