image

Ըստ «Ալ Մայատին» Կայանին, Ալիեւ Պատրաստ է Հրադադարի

Ըստ  «Ալ Մայատին»  Կայանին, Ալիեւ Պատրաստ է Հրադադարի

AlMayadeen.net- Ըստ  «Ալ Մայատին»  կայանին    Ազրպէյճան  պատրաստ է հրադադարի: Կայանը իր     լուրը փոխանցած է   աղբիւր ունենալով Ազրպէյճանի  նախագահ Իլհամ Ալիեւի     այսօր    ըրած յայտարարութիւնը, ուր Ալիեւ ըսած է, թէ իրենք պատրաստ են հրադադար կնքելու:  Յիշեցնենք, որ   ազրպէյճանեան   կողմը       շաբաթ օր  լայնածաւալ   զինուորական գործողութիւններ սկսած էր  հայկական  սահմանապահ դիրքերուն ու նաեւ անզէն բնակչութեան դէմ:  Նախնական տուեալներով  Ազրպէյճան մեծաթիւ զոհեր ունի  ու անոր  բանակի մեծ թիւով զրահամեքենաները, ուղղաթիռներն ու    անօդաչու սարքերը   ոչնչացուած են: