Հարցին՝ կը համարէ՞, թէ իր յայտարարութիւններուն մէջ եղած են կէտեր, որոնք պետական գաղտնիք պարունակած են, Յակոբեանը բացասական պատասխան տուած է։
Այն հարցին ալ, թէ այս գործին մէջ քաղաքական տողատակ կը տեսնէ՞, նկատի ունենալով, որ իր բոլոր մեղադրանքները ուղղուած էին գործող իշխանութեան, Նիկոլ Փաշինեանին, Մովսէս Յակոբեանն արձագանգած է՝ ինքը քաղաքական գործիչ չէ, որ քաղաքական տողատակ տեսնէ։
«Գործն ուղարկուել է դատախազին, վերջինս պէտք է որոշի՝ մեղադրանքը կարողանալու՞ է դատարանում պաշտապնել, թէ՞ ոչ։ Կանչեն դատարան, գնալու եմ»,-աւելցուցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան նախկին պետը։
Յակոբեան նաեւ յայտնած է, որ իր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին։