image
Հրատապ լուրեր:

Վրիժակռիւներ պիտի չըլլան, բայց ամենաթողութիւն ալ պիտի չըլլայ. Փաշինեան օրինական դաշտ գալու կոչ կ'ընէ

Վրիժակռիւներ պիտի չըլլան, բայց ամենաթողութիւն ալ պիտի չըլլայ. Փաշինեան օրինական դաշտ գալու կոչ կ'ընէ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուող գործողութիւնները՝ կաշառակերութեան շղթաներու բացայայտման ուղղութեամբ, կ՝որակէ ոչ թէ իբրեւ վրիժակռիւ (vendetta), այլ օրինականութեան հաստատում: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ան յայտարարեց լրագրողներու հետ փոքրիկ ճեպազրոյցի մը ընթացքին՝ անդրադառնալով այն խօսակցութիւններուն, որ ԱԱԾ-ն ստուգումներ կ՝իրականացնէ «Երեւան Սիթի» խանութներու ցանցին մէջ, որ կը պատկանի Ազգային ժողովի ՀՀԿ-ական պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանի ընտանիքին: «Հայաստանի մէջ օրինականութիւն հաստատելու գործընթաց է, եւ այն, որ մենք յայտարարած էինք, թէ վրիժակռիւներ պիտի չըլլան, ես կը վերահաստատեմ, բայց ասիկա ոեւէ մէկը թող չընկալէ իբրեւ տկարութեան նշան: Այո՛, վրիժակռիւներ պիտի չըլլան, բայց ամենաթողութիւն ալ պիտի չըլլայ: Եթէ ոեւէ մէկը ասիկա մեկնաբանէ իբրեւ տկարութեան նշան, ջախջախիչ հակահարուած պիտի ստանայ»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

 

Անոր խօսքով՝ բոլորը պէտք է պետութեան հանդէպ իրենց պարտաւորութիւնները լիարժէք կատարեն եւ ո՛չ ոք համարձակուի ստել պետութեան: «Բոլորին կոչ կ՝ընեմ կամաւոր գալու օրինական դաշտ, նախապէս չվճարուած հարկերը վերահաշուարկէ, ու ատիկա թող ԱԱԾ-ի կողմէ տեղի չունենայ: Այո՛, ինչ խնդիր դրուի ԱԱԾ-ի առջեւ, ծառայութիւնը շատ արագ ու կոշտ պիտի լուծէ, բայց ես կոչ կ՝ընեմ չհասնելու ատոր»,- եզրափակեց ՀՀ վարչապետը:

 

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կ՝իրականացնէ աշխատանք՝ կաշառակերութեանշղթաներու յայտնաբերման ուղղութեամբ։ Մայիս 19-ին լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ հանդիպման մը ընթացքին՝ այս մասին ըսած էր Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան՝ խոստանալով կարճ ժամանակի ընթացքին հասարակութիւնը ականատես դարձնելու կաշառակերութեան խոշոր ծրագիրներով հարստացած մարդոց յայտնաբերման եւ օրէնքի ուժով պատասխանատւութեան ենթարկման: Ան ընդգծած էր, որ ապօրինի հարստացած մարդիկ պէտք է վերադարձնեն գումարները պետական պիւտճէ: ԱԱԾ տնօրէնը նաեւ յայտարարած է, որ ներքաղաքական փոփոխութիւններէն ետք աւանդականօրէն կաշառակեր համարուող հիմնարկները ամբողջութեամբ դադրեցուցած են հակաօրինական գործունէութիւնը` մանրամասնելով, որ խօսքը մաքսային, հարկային, դատական, ոստիկանութեան որոշ ստորաբաժանումներու մասին է: Անոր խօսքով՝ Հայաստանի մէջ մօտ 350 մարդ կայ, որոնք տեղեակ չեն, որ իրենց անունով արձանագրուած է կազմակերպութիւն, որ կ՝իրականացնէ տնեսական գործունէութիւն եւ չի վճարեր հարկեր: Անոնք տեղեակ չեն, ծանր հասարակական վիճակի մէջ գտնուող մարդիկ են, որոնցմէ անձնագիրները վերցուցած են 5, 10, 20 հազար դրամով եւ անոնց անունով արձանագրած են անհատ ձեռնարկութիւններ, ՍՊԸ-ներ եւ այլն: