image

Վրաստան-Ատրպէյճան նոր տագնա՞պ

Վրաստան-Ատրպէյճան նոր տագնա՞պ

Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային տագնապ առաջացած է Դաւիթ-Կարէճի վանական համալիրի պատճառով, կը հաղորդէ Lenta.ru-ն:

Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ Քիրիոն քահանան լրագրողներուն ըսած է, որ ատրպէյճանցի սահմանապահները Ուտապնօ վանական համալիրի մուտքին մօտ տեղաշարժը արգիլող նշաններ տեղադրած են եւ խոչընդոտած են հոգեւորականներու մուտքը վանական համալիր:

Քիրիոնի խօսքով՝ միջադէպի պատճառը Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի վերջին յայտարարութիւնն էր՝ սահմանի վիճայարոյց հատուածներու շուրջ արագ համաձայնութեան գալու վերաբերեալ, ինչի մասին ան խօսած էր Ատրպէյճան կատարած այցի ժամանակ:

Կը նշուի, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջամտութենէն ետք միայն ատրպէյճանցի սահմանապահները բացած են վանական համալիրի մուտքը: