Այսօր այգաբացին Պէյրութի մէջ վախճանած է Մարոնի համայնքի 76-րդ Մար Նասրալլա Պըթրոս Սֆէյր Պատրիարքը։
Սֆէյր Պատրիարքի վախճանումով կը փակուի Լիբանանի Մարոնի եւ առհասարակ Լիբանանի քրիստոնեայ բաղկացուցիչի հաւաքական կեանքէն կարեւոր էջ մը, որուն մէջ կարեւոր եւ մեծ դեր ունեցաւ Սֆէյր Պատրիարքը։
Շատ մը վերլուծաբաններ, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր խմորումները եւ «Մայրիներու յեղափոխութեան» առաջին ազդանշանը կը համարեն յայտնի «Պատրիարքական կոչը» , որով ան կը պահանջէր բոլոր օտար ուժերէն՝ հեռանալ Լիբանանէն։
Կուռ, իր գաղափարներուն, քրիստոնէական աւանդին ու կամքին հաւատարիմ այս Պատրիարքը դարձաւ քրիստոնեաներու պայքարի խորհրդանիշ ու հանդիսացաւ անզիջող եւ իրական կղերական առաջնորդ։
Յիշեցնենք, որ Սֆէյր Պատրիարք օրեր առաջ փոխադրուած էր «Օթէլ Տիո»՝ բուժումներ ստանալու նպատակով, սակայն անոր յոգնատանջ մարմինը, տարիներու պայքարն ու գործունէութիւնը, չօգնեցին, որ 99-ամեայ Պատրիարքին սիրտը վերականգնէ իր աշխատանքները։