image

Վիգէն Սարգսեան կ'անդամագրուի ՀՀԿ-ին

Վիգէն Սարգսեան կ'անդամագրուի ՀՀԿ-ին

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան կ'անդամագրուի Հանրապետական կուսակցութեան։ Երէկ երեկոյեան լրատուամիջոցներու հետ հանդիպման ժամանակ ան տեղեկացուցած է, որ ՀՀԿ-ին անդամագրուելու դիմումը ան պիտի ներկայացնէ յառաջիկային, միեւնոյն ժամանակ նկատելով, որ իր ամողջ կեանքը կուսակցական չէ եղած։

«Հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ իրականացուած Սահմանադրական փոփոխութիւնները, այսուհետ կը կարծեմ, անհնար պէտք է ըլլայ անկուսակցական գործունէութիւնը: Ես ինձ համար այդ որոշումը կայացուցած եմ եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի դիմեմ, որ անդամագրուիմ ՀՀԿ-ին»,-ըսած է ան:

Իսկ թէ ինչու մինչեւ այսօր մնացած է անկուսակցական, նախարարը բացատրած է, որ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը քաղաքական չէ եղած, այլ՝ հայեցողական: