image

Վարչապետ պիտի առաջադրենք Նիկոլ Փաշինեանին. Պէտք ունինք 53 ձայնի

Վարչապետ պիտի առաջադրենք Նիկոլ Փաշինեանին. Պէտք ունինք 53 ձայնի

«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ իրավիճակ մը կայ, որ Սերժ Սարգսեանի հեռանալէ ետք Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը չի հեռանար եւ այսպիսով ոչ մէկ  առաջացում արձանագրած կ'ըլլանք: Ան նշած է, որ պէտք է համակարգային պայքար մղել՝ համակարգը փոխելու համար: 

«Մենք վարչապետ ենք առաջադրելու Նիկոլ Փաշինեանին, եւ մեզ պէտք է 53 ձայն, որ նա ընտրուի»,- ըսած է ան եւ նշած, որ ըստ իրեն կայ նման հնարաւորութիւն: 

Էտմոն Մարուքեանը ըսած է նաեւ, որ «Ելք»-ը եւ «Ծառուկեան» դաշինքէն միասին 40 քուէ կրնանք ստանալ, իսկ 13 քուէ ալ՝  ՀՀԿ-էն եւ ՀՅԴ-էն: