Վերջին վերադարձման գործընթացը բացայայտեց մէկ այլ երեւոյթ, որ մեր ռազմագերիները ոչ միայն պարզապէս ռազմագերիներ են, այլեւ՝ պատանդներ են, քանի որ Պաքուն անոնց կը պահէ որոշակի քաղաքական պահանջներու դիմաց եւ կը դարձնէ քաղաքական առեւտուրի մաս։ Այս մասին ռազմագերիներու հարցով քննարկմանն ժամանակ ըսած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեանը։
«Իմ անձնական կարծիքն է, որ տարածքները յանձնելուց յետոյ այդ քարտէզները մեծ կարեւորութիւն չունեն հայկական կողմի համար, եւ մենք երբեք չենք առաջնորդուել Ատրպէյճանի անմեղ զոհերով ոգեւորուելու հոգեբանութեամբ»,-ըսած է ան եւ նշած, որ հակառակ ատոր՝ գերիներու վերադարձը Պաքուի պարտականութիւնն է։
Սիրանուշ Սահակեանը կը կարծէ, որ Հայաստանի կողմէ իրաւական գործընթացներու տեսանկիւնէ լուրջ ջանքեր գործադրուած են: Խօսելով այդ առնչութեամբ կառավարութեան ջանքերու մասին՝ Սահակեանը ըսած է, որ իրաւական գործընթացները որոշակի չափով զսպաշապիկ են քաղաքական գործընթացներուն մէջ։
«Բոլոր դէպքում ես չեմ կարծում, որ Պաքուի յանցագործութիւնների քաղաքական արձագանգը պատշաճ է, շուրջ 8 ամիս անց մենք չունենք պաշտօնականացված թուեր հայ ռազմագերիների առնչութեամբ»,-ըսած է ան։