Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը մեր վերջին հեռախօսազրոյցի ընթացքին առաջարկեց, որ ամսի 6-ին ՀԱՊԿ գագաթնաժողովը չընենք, քանի որ այսպիսի իրավիճակ է: Ապա աշխատանքային կարգով քննարկենք իրավիճակը, լուծումները, որպէսզի պատրաստի լուծումներով երթանք, եւ ես համաձայնեցայ, որովհետեւ կը կարծեմ՝ աշխատանքային ընթացակարգերով այդ հարցը լուծելը աւելի ճիշդ է։
Այս մասին Վայոց ձորի մարզի մէջ քարոզարշաւէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար, «Իմ քայլը» դաշինքի առաջին համար Նիկոլ Փաշինեանը:
Վերջինս նշեց, որ քանի որ հիմա դարձեալ քննարկումներու արդիւնքով պարզուեցաւ, որ քոնսենսուս չկայ, Ասթանայի պատկերը կրկնելը իմաստ չունի, այն կառուցողական չէ։ «Պայմանաւորուածութիւնը հետեւեալն է, որ մենք կը շարունակենք աշխատանքային կարգով քննարկումները, մինչեւ որեւէ քոնսենսուսային կարգով լուծումներ գտնենք»,– ըսած է Փաշինեանը։
Յիշեցնենք, որ ռուսական RBC գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր խորհրդական Արսէն Գասպարեանը ըսած էր, որ «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նոր գլխաւոր քարտուղարի ընտրութիւնը պիտի կայանայ 2019 թուականին:
Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանք առաջադրուած է «Մարտի 1»-ի գործով: 8 Նոյեմբերին Ասթանայի մէջ կայացած ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին նոր գլխաւոր քարտուղար չէ նշանակուած, եւ պետութիւններու ղեկավարները պայմանաւորուած էին հարցի շուրջ քննարկումները շարունակել 6 դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայանալիք հանդիպման ընթացքին:
Ինչ կը վերաբերի հարցին, թէ որեւէ անդրադարձ չկա՞յ սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին դաշինքի նախընտրական ծրագրին մէջ, Փաշինեանը չէ համաձայնած՝ նկատելով, որ կայ, Սփիւռքի մասնակցութեան մասին հարցի հատուածին մէջ ներառուած: