Միացեալ Նահանգներ- («Ալ-Հայաթ»-Լոնտոն)- Չորեքշաբթի օր հրապարակուած Հանրային կարծիքի ուսումնասիրումը ցոյց տուած է միլիոնատէր Տոնալտ Թրամբի յաղթանակը իր հանրապետական մրցակիցներուն վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Հայաթ»ը, որ նաեւ կը նշէ, թէ Տոնալտի վիճայարոյց ակնարկները վատ ազդեցութիւն չեն ունեցած իր ընտրապայքարին: «Հայաթ» կը նշէ նաեւ, որ ուրիշ նոր հետազօտութիւն մը կազմակերպուած «CNN»ի ցանցի եւ «ORC» հիմնարկին կողմէ, որ կը ներառէ հանրապետականնեուն եւ անոնց կողմնակից արձանագրուած ընտրողներուն, ցոյց տուած է, որ Թրամփը 39 տոկոսով առաջնային տեղ կը գրաւէ, այսինքն իրեն մրցակից ծերակուտական Թէտ Քրուզի կրկնապատիկը, որ ստացած էր միայն 18 տոկոս: Մինչ ծերակուտական Մարքօ Ռոպիոյի եւ թոշակի անցած վիրաբոյժ Քարսոնի աջակիցներու քանակը նուազած է եւ եղած 10 տոկոս, իսկ Նիւ Ճըրզիի մարզպետ Քրիս Քրիսթին 5 տոկոսով գրաւած է հինգերորդ դիրքը:Թերթը կը նշէ, որ հանրային կարծիքի ուսումնասիրումը, որու մէջ սխալի տոկոսի հաւանականութիւնը չի գերազանցեր 4,5 տոկոսը, կայացած էր հանրապետականներու միջեւ եղած վերջին բանավէճէն ետք, ուր լաւ ներկայացում ունեցած էին Թրամփը եւ Քրուզը: