«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ` «Դէպի Հայք»ի (Birthright Armenia)- ծրագրի գործադիր տնօրէն ՝ Սեւան Գապաքեանը
- Ի՞նչ է ձեր տնօրինած «Դէպի Հայք»ի (Birthright Armenia) ծրագրի գլխաւոր նպատակը։
«Դէպի Հայք» ծրագրի գլխաւոր նպատակն է հնարաւորութիւն տալ Հայաստանի սահմաններէն դուրս ապրող հայ երիտասարդութեան Հայաստան գալ, ճանչնալ Հայաստանը, հասկնալ եւ Հայաստանի հետ կապուիլ, Հայաստանի ապագային հետ առնչուիլ այն ձեով, որ իրենք կ'ուզեն: Այսինքն, մեր գործունէութիւնը այդ կապը ստեղծելու հնարաւորութեան հարթակ մըն է։
Ծրագիրը բաց է բոլորին համար, այն ոչ մէկ ուղղուածութիւն ունի, բացի իր հիմնական նպատակէն որ նշեցի, որուն կը ծառայենք արդէն 15 տարիէ ի վեր:
-Իսկ 15 տարի ետք, ձեր կարծիքով, ի՞նչ իրականացուցիք, ի՞նչ կրցաք ստեղծել «հայկական քարտէզ»ին վրայ։
«Մեծ Հայք»ի ծրագիրը 15 տարիներու ընթացքին ունեցած է 1800 մասնակից, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մակարդակով, իր չափով երկու քայլ առաջ գնաց այն հասկացողութեան մէջ, թէ ինչ կը նշանակէ հայ ըլլալ: Այսօր այդ կամաւորներէն 135-ը որոշում կայացուցած են Հայաստան ապրիլ եւ արդէն Հայաստան հաստատուած են: Այս իմաստով, մենք յաջողութիւն կը սեպենք ամէն անհատական իրագործում, որ կամաւորի փափաքով կը կատարուի։ Եթէ անձ մը կ'ուզէ Հայաստան տեղափոխուիլ, յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն, եթէ անձ մը չուզեր տեղափոխուիլ, բայց դուրսէն ուրիշ ձեւով առնչուիլ, նոյնպէս՝ յաջողութիւն իրեն: Մեր ծրագիրը պարզապէս այդ հնարաւորութիւնը կու տայ, առիթը կու տայ, մնացածը կամաւորէն կախեալ է, անձը ինք պիտի որոշէ, թէ ինչը իր սրտին կը խօսի: Մենք չենք ուզեր, որ մասնակիցները կամաւորներ զգան, որ իրենցմէ կ'ակնկալուի, որ Հայաստան հաստատուին, ատի ձեւով մը ճնշում է, մենք չենք ուզեր ճնշումներ ստեղծել, իւրաքանչիւր անձ ինքը պիտի որոշէ եւ գեղեցկութիւնը այդ որոշումի իրաւունքին մէջն է, երբ իրենցն է որոշումը, կ'ուզեն ընել, իսկ եթէ ուրիշին որոշումն է եւ պարտադրանքի տակ բան մը կ'ընեն, այդ մէկը ժամանակաւոր կ'ըլլայ:
-Ընդհանրապէս հայկական սփիւռքի որ գաղութներուն մէջ դէպի Հայաստան ձգողականութիւնը աւելի շատ է։
Հայաստանէն դուրս, ամէնէն մեծ հայկական համայնքը ՝ Ռուսաստանի մէջ է, իսկ երկրորդը Միացեալ Նահանգներու հայագաղութն է։ Բնականաբար այս գաղութներէն Հայաստան գալ փափաքողներուն թիւն ալ աւելի շատ է:
-Ինչո՞վ կը պայմանաւորուին այս երկու երկիրները:
Դէպի այս երկու երկիրներ արտագաղթը ամենաշատը եղած է: Դէպի Ռուսաստան արտագաղթը մեծ թիւով եղած է ոչ միայն յետանկախութեան շրջանին, այլեւ Խորհրդային ժամանակներէն սկսեալ, եւ յատկապէս վերջին 25 տարիներուն: Իսկ դէպի Միացեալ Նահանգներ հայութեան արտագաղթի տարբեր ալիքներ եղած են՝ յետեղեռնեան շրջան, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմ, Պարսկաստան, Իրաք եւայլն եւ հիմա՝ Սուրիա: Ուրեմն, այս երկու երկիրներուն մէջ հայութեան ամենամեծ թիւերը կան եւ այդ երկիրներէն Հայաստան տեղափոխուողները եւ տեղափոխուիլ ուզողներու թիւն ալ ամէնէն շատն է: Վերջերս Լիբանանէն եւս շատ մեծ հետաքրքրութիւն կայ Հայատան հաստատուելու առումով, կապուած այդ երկրի քաղաքական անորոշ իրավիճակին։
-Գիտենք, որ դուք այս բոլորի կողքին, նաեւ ինչ որ տեղ դպրոցի միջավայր մը ստեղծած էք: Այսինքն այդ երիտասարդները կու գան, իրենք կը սորվեցնեն, նաեւ կը սորվին: Որոնք են այն երեք կարեւոր բաները, որոնց վրայ կը կեդրոնանաք։
Մեր կամաւորներուն մօտաւորպէս մէկ երրորդը կու գայ հայերէն չգիտնալով, կամ շատ տարրական հայերէնի իմացութեան մակարդակով, հետեւաբար լեզուի ուսուցումը իրենց համար շատ կարեւոր է։ Այս մէկն անշուշտ իբրեւ ուսուցման առարկայ նշել։ Անկէ անդին, կամաւորները շատ բան կը սորվին, որովհետեւ դուրս կու գան իրենց համար ծանօթ միջավայրէն անմիջական ապահովութենէն։ Անոնց համար ինքնաբաւ ըլլալու հրամայականը շատ յստակ կը դառնայ ու գտնուելով իրենց համար օտար միջավայրի մէջ, ստիպուած կ'ըլլան համակերպուիլ, հաշտուիլ նոր պայմաններուն, ճկունութիւն ցոյց տալ։ Այս ունակութիւնը ձեռք ձգելը արդէն հսկայական բան է կամաւորներուն համար։ Բաց աստի, մեր ծրագիրը կը նպաստէ կամաւորներու աշխարհայեացքի ընդլայնման, Պուէնոս Այրէսէն, Լոս Անճելըսէն, Փարիզէն կամ Պէյրութէն եկած երիտասարդը կը սկսի հասկնալ, որ աշխարհը միայն իրենց ապրած երկիրը չէ, աշխարհի մէջ ուրիշ բաներ կան, նոյնիսկ հայկական իրականութեան մէջ տարբեր բաներ կան, որոնց մասին եւս կը սորվին, եւ այս մէկը հսկայական բան է:
Օրինակ մը կ'ուզեմ յիշել այս առումով. Լիբանանէն մասնակից մեր կամաւորներէն մէկը ծրագրի աւարտին ըսաւ, որ ինք Պէյրութի հայկական միջավայրի մէջ ապրած ըլլալով հանդերձ, կը կարծէր, որ հայութեան մասին ամէն բան գիտէ, սակայն, հոս գալէն ետք, տեսած է, որ պատմութեան կէսը միայն գիտէ, այս բոլորը ինքը՝ կամաւորը կը վկայէ։
Այս բոլորէն անդին, անշուշտ, իւրաքանչիւր կամաւոր շաբաթը 30 ժամ կամաւորութիւն կ'ընէ, մէկը իր մասնագիտութեան ոլորտին վերաբերեալ ինթըրնշիփ (հմտութիւններ, փորձառութիւն ձեռք ձգելու գործնական շրջան) կ'ընէ, մէկը աւելի պարզ ընկերային ոլորտի մէջ կամաւորութիւն կ'ընէ, նայած նախասիրութիւն, հետաքրքրութիւն, ուսում, փորձառութիւն եւ անշուշտ տեղական հնարաւորութիւններ: Եւ անշուշտ այս բոլորը կը նպաստեն, որ տուեալ անձը յաւելեալ միաւոր մը վաստակի եւ դրական կէտ մը դնէ իր CV-ին վրայ: