image

Ծանր բօթ Հայաստանէն. Ձիւնի հետեւանքով զոհուած են 3 զինուորներ

Ծանր բօթ  Հայաստանէն.  Ձիւնի հետեւանքով զոհուած են    3  զինուորներ

7 Փետրուարին    Հայոց բանակի 3    զինուորներ  զոհուած են։

 

Այս մասին լուրը կը  հաղորդէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը   նշելով,  որ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի տարածքին մէջ,  ձիւնի հսկայական զանգուածի տակ մնացած  են  չորս պայմանագրային զինծառայողներ, որոնցմէ    3-ը  զոհուած  են։

 

  Աւելի ուշ  պարզ  դարձած  է՛ որ զոհուած  զինուորներն են Կարապետ Սեդրակի Նազարեանը (1991-ի ծնունդ),  Տիգրան Արմէնի Արզումանեանը (1994-ի ծնունդ) եւ Նուէր Տիգրանի Շահբազեանը (1995-ի ծնունդ) դիերը:

 

  Կարելի  եղած  է

Փրկել պայմանագրային զինծառայող, Համլէթ Գրենիկի Միրզոյեանը (1998-ի ծնունդ): Յայտնաբերուած զինծառայողը ստացած է մարմնական թեթեւ վնասուածքներ, առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար:

 

Դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:

 

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ շարքային Կարապետ Նազարեանի, կրտսեր քսանապետ Տիգրան Արզումանեանի եւ կրտսեր քսանապետ Նուէր Շահպազեանի ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: