image

Ո՞ր պարագային Թրամփ կրնայ «լրջօրէն» նեղանալ Չինաստանէն

Ո՞ր պարագային Թրամփ կրնայ «լրջօրէն» նեղանալ Չինաստանէն

Միացեալ Նահանգները շատ յուսախաբ պիտի ըլլար, եթէ Չինաստան իրապէս Փաքիստանի միջոցաւ Իրանին մատակարարէր դիւրակիր զենիթահրթիռային համակարգեր, ինչպէս կը պնդէր արեւմտեան մամուլը։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ՝։

«Ատիկա զարմանք պիտի առաջացնէր։ Կը հասկնամ, նման բաներ կը պատահին։ Բայց ատիկա զարմանք պիտի պատճառէր»,– ըսած է ան՝ մեկնաբանելով արեւմտեան զանգուածային լրատուամիջոցներու հրապարակումները, ըստ որոնց՝ Չինաստան իբրեւ թէ ծրագրած է Փաքիստանի միջոցաւ Իրանին վաճառել չինական շարժական զենիթահրթիռային համակարգեր։

«Ան ինծի շատ վճռականօրէն ըսաւ, որ իրենք մասնակցութիւն պիտի չունենան Իրանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելու գործին մէջ»,– պնդած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը՝ ակնարկելով Մայիսին Փեքինի մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինի հետ ունեցած իր բանակցութիւններուն։

«Ան գիտէ, որ ես բոլորովին յուսախաբ պիտի ըլլայի»,– աւելցուցած է ԱՄՆ նախագահը։

Յիշեցնենք, որ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճանկ Սիաոկան յայտարարած էր, որ Փեքին Թեհրանին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր չի մատակարարեր՝ հակառակ արեւմտեան մամուլին մէջ շրջանառուող պնդումներուն։