Ուքրանական ԱԹՍ-ներ հարուածած են Փենզայի եւ Սարափուլի մէջ գտնուող «Wildberries»ի պահեստները։ Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ Փենզայի մէջ մէկ անձ տուժած է, իսկ շուրջ 200 աշխատակից՝ տարհանուած։
«Թշնամական անօդաչու թռչող սարքերու կողմէ ահաբեկչական յարձակում գործադրուած է «Wildberries»ի պահեստին դէմ։ Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ մէկ տուժած կայ, իսկ շուրջ 200 աշխատակից տարհանուած է»,– յայտնած է նահանգապետ Օլեկ Մելնիչենքոն։
Սարափուլի «Wildberries»ի լոճիսթիք կեդրոնին մէջ, հարուածէն ետք, հրդեհ բռնկած է։ Տեղւոյն վրայ հրշէջ խումբերը գործած են։ Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ տուժածներ չկան, հաղորդած է «Wildberries»ի մամլոյ ծառայութիւնը։
Յայտարարուած օդային տագնապի կապակցութեամո կառոյցին մէջ նախնական տարհանում կատարուած է։