image

Կորսուած երկու հայ զինուորները Ատրպէյճան հասած են. ԶԼՄ-ներ

Կորսուած երկու հայ զինուորները Ատրպէյճան հասած են. ԶԼՄ-ներ

ՀՀ տարածքին մէջ օրերս կորսուած երկու հայ զինծառայողները յայտնուած են ատրպէյճանական կողմի մօտ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Sputnik Արմենիան, յղում ընելով իր աղբիւրներուն։

Զինծառայողները մոլորուած են եւ յայտնուած են ատրպէյճանական կողմը։ Բանակցութիւններ կ'ընթանան անոնց հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ։

ՊՆ-էն Sputnik Արմենիային յայտնած են, որ նման տեղեկատուութեան չեն տիրապետեր: Աւելին, այս պահուն կը շարունակուին տղաներու որոնողափրկարարական աշխատանքները։

ՊՆ–ն կը յորդորէ հետեւիլ պաշտօնական լրահոսին։

Յիշեցնենք, որ 14 Յուլիսի լուսադէմին, մառախուղի պայմաններու մէջ, ամրակցուած զինուորական մեքենայով ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին կորսուած է կապը ՀՀ հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի զինծառայող Արթուր Նալպանտեանի եւ վարորդ Արամայիս Թոռոզեանի հետ։ Ըստ ՊՆ–ի` զինծառայողները եղած են առանց զէնքի։