7 Փետրուարին Հայոց բանակի 3 զինուորներ զոհուած են։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշելով, որ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի տարածքին մէջ, ձիւնի հսկայական զանգուածի տակ մնացած են չորս պայմանագրային զինծառայողներ, որոնցմէ 3-ը զոհուած են։
Աւելի ուշ պարզ դարձած է՛ որ զոհուած զինուորներն են Կարապետ Սեդրակի Նազարեանը (1991-ի ծնունդ), Տիգրան Արմէնի Արզումանեանը (1994-ի ծնունդ) եւ Նուէր Տիգրանի Շահբազեանը (1995-ի ծնունդ) դիերը:
Կարելի եղած է
Փրկել պայմանագրային զինծառայող, Համլէթ Գրենիկի Միրզոյեանը (1998-ի ծնունդ): Յայտնաբերուած զինծառայողը ստացած է մարմնական թեթեւ վնասուածքներ, առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար:
Դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ շարքային Կարապետ Նազարեանի, կրտսեր քսանապետ Տիգրան Արզումանեանի եւ կրտսեր քսանապետ Նուէր Շահպազեանի ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: